About this blog

  • 50 posts
  • 14 584 visits
November 2009
  Sun Mon Tue Wed Thu Fri Sat  
  1 2 3 4 5 6 7  
  8 9 10 11 12 13 14  
  15 16 17 18 19 20 21  
  22 23 24 25 26 27 28  
  29 30            

Archives

November 5, 2009

Կարսի պայմանագիրը եւ հայոց ուղղագրութիւնը

en.wikipedia.org/wiki/Treaty_of_Kars

Հայ ստորագրողներն էին Ասքանազ Մռաւեան եւ Պօղոս Մակինցեան. արտաքին նախարարը:

Վերջինս նաեւ ազգային ուղղագրութեան դահիճն էր՝ Հայաստանի մէջ:

Երբ 1922ի ուղղագրական աղէտին հետեւանքները չեն վերցուիր այսօրուան Հայաստանի մէջ, ալ Կարսի պայմանագի՞րը կարելի է ջնջել տալ, ինչպէս մեր ինքնուս քաղաքագէտները կը պահանջեն:





Published at 13:18 ( 0 comments / 121 visits )
This post is public

November 1st, 2009

IPERNITY SUCS A BIG ONE

Uploading an avatar picture is driving me up the wall.

They want it resized to 50x50 pixels. No human features can be recognized anymore at such a resolution.

The picture simply cannot be selected. Whichever I click on, the red failure message pops up. The perishin' Contact Us page offers you a list of bugs to chose from. If you have a peculiar one, you are lost.



Published at 12:27 ( 0 comments / 36 visits )
This post is public

October 30, 2009

ՄԵՂՍԱԿԻՑ ՄԸ ՈՐ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

Մոնթրէալէն նոյն կերկեր ձայնը կը հասնի. անձանձիր Հայկ Նագգաշեանը նոր առիթ մը գտեր է զայրանալու:

Երեւան այցելած է վերջերս եւ տեսած է ինչ որ ամէն մարդ կը տեսնէ հոն. խրճիթին քովիկը պալատ, մուրացիկին քովը մեծատուն՝ անթաքոյց շնականութեամբ ու դաժանութեամբ:

Կարէն Դէմիրճեանը եւ Վազգէն Սարգսեանը կ'ողբայ եւ անոնց մահը Քոչարեանի եւ Սարգսեան Սերժին դաւերուն կը վերագրէ: Կարծես թէ հանգուցեալներուն օրօք ընկերային անարդարութիւնը պակաս էր:

Մեղադրանքը սակայն մեղադրողին ուղղելու է: Եօթանասուն տարի ժողովուրդը կը լլկուէր տնտեսապէս ու բարոյապէս՝ տարադէմ դէմիրճեաններու ձեռքին տակ: Քու պատկանածդ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը «հայրենի իշխանութեանց» կողքին էր: Ըսել է համամի՞տ էիր ժողովուրդը լլկելուն ու փճացնելուն:

Հիմա ալ, երբ պտուղները քաղելու ժամանակը հասած է, մէկէն ի մէկ մեղսակիցը կը դառնայ մեղադրող եւ վճարելիք հաշիւները կը ներկայացնէ:

Քոչարեան-Մոչարեան, տեսակ-տեսակ Սարգսեանները եւ Դէմիրճեանը նոյն սանդին ալիւրն են ամէնքն ալ՝ ռուսական կայսրութեան հայանուն մանկլաւիկներէն:

Ընկերայն անարդարութեան դէմ պէտք է տասնամեակներ առաջ ընդվզէիր՝ ծափ զարնելու փոխարէն: Հիմա է որ կրնաս ծափ զարնել՝ ի տես քու մեղսակցութեանդ պտուղներուն:



Published at 09:55 ( 0 comments / 45 visits )
This post is public

October 28, 2009

ԽՈՀԱՆՈՑԱՅԻՆ ԽՈՀԵՐ

Խոհարարական դասընթացքին մասնակցող բարեկամ մը կը պատմէ.

- Հետս սովորողները սաղն էլ քանթեյնէրներում են աշխատում:

Տենդագինօրէն կը ճգնիմ հասկնալ. քոնթէյնըրներով կերակո՞ւր կը պատրաստեն: Բարեկամս օգնութեան կը հասնի.

- Դէ գիտես քանթէյներում ինչ կայ. սալաթ-մալաթ ա, միս ա, էս ա, էն ա...:

Մտովի կը տեսնեմ հսկայ քոնթէյնըր մը, իսկ մէջը խառն ի խուռն՝ միս, աղցան, բրինձ, անուշեղէն...: Անախորժ է երեւակայածս: Յաւելեալ բացատրութիւն կը խնդրեմ:

- Դէ գիտես քանթէյնէրը ինչ ա: Սաղ հիմնարկներն էլ ունեն դրանից: Պուճուր ճաշարան ա, էլի:

- Քանթի՛՞ն ըսել կ'ուզէիր, կը փայլատակի ուղեղիս մէջ:

- Հաա, քանթին, էլի: Էդ էի ուզում ասել, եսիմ խի քանթէյնէր ասի:


Published at 09:12 ( 0 comments / 88 visits )
This post is public

September 21, 2009

«Անկախութեան» տարեդարձը

Սովետական վերջին տարիներուն անգամ միեւնոյն սփիւռքահայ անձերը հայ հողին վրայ ռուսի ոտքը կ'օրհնէին եւ կօշիկը կը լզէին:

Այսօր չես գիտեր ինչու անոնք «անկախութեան» տարեդարձը կը տօնեն եւ բարեմաղթանքներ կը յղեն աջ ու ձախ:

Հայաստանը անկախ պետութիւն մը չէ, այլ Ռուսիոյ գաղութը առաջուան պէս: Ոչ թէ որովհետեւ ինծի այնպէս կը թուի, այլ զի անառարկելի փաստեր կան ատոր:


Յ.Գ. Պոլսոյ հայոց մայր եկեղեցիին բակին մէջ հայաստանցիներու երիտասարդ ընտանիք մը տեսայ: Կիրակնօրէն շքուած էին ամուսինները, իսկ նորածին աղջիկը պուպրիկ մըն էր պարզապէս:

Դէմքերուն վրայ աննկարագրելի երջանկութիւն մը դրոշմուած էր: Երջանիկ էին հոն, ցեղասպան Թուրքիոյ մէջ:

Եթէ Սերժաստանի մէջ մնային՝ դէմքերուն ի՞նչ պիտի կարդացուէր արդեօք:


Published at 09:59 ( 0 comments / 246 visits )
This post is public

September 12, 2009

Սուրբ Փրկիչ «ազգային» հիւանդանոցը

Փորհարութիւնը հաճելի բան մը չէ: Մանաւանդ երբ քանի մը օրէ ի վեր կը տեւէ ու չի կասիր:

Ընտանեօք կը հասնինք մեր ազգային հիւանդանոցը: Մուտքին հազիւ հասած՝ համազգեստաւոր պահակները կը նշմարեմ ու դարպաս մը, որ մետաղ կը գտնէ անձին վրայ:

Ունեցած-չունեցածը կը յանձնենք պահակներուն ու կ'անցնինք դարպասին մէջէն: Արձանագրութիւնը պահ մը կը տեւէ: Հարիւր լիրա կու տանք անուննիս արձանագրելու համար: Մեզի կը հրահանգուի սպասել:

Հիւանդները մեծաւ մասամբ թուրք են: Շատ են տարեց բարեպաշտները, որոնք ծոմապահութենէն նուաղած՝ հոս բերուեր են:

Կը փափաքիմ հիւանդանոցին մուտքը լուսանկարել:

Հոս է որ փոթորիկը կը փրթի:

Հազիւ մատս դրեր էի կոճակին՝ տեսակ-տեսակ պաշտօնեաները եւ պահակ-մահակ գլուխս կը թափին: Ամէնքն ալ թուրք: Ձեռքերը փարտելով կը պոռան թէ լուսանկարելը արգիլուած է: Մինչդեռ շքամուտքին հայերէն ցուցանակը կը փափաքէի լուսանկարել:

Կը պահանջեն որ լուսանկարի գործիքս ի պահ դնեմ անոնց: Կը յօժարիմ պայմանաւ որ ընկալագիր մը տրուի ինծի առ այն: Կը շուարին: Եւ ի վերջոյ կ'ապաւինին բարեխղճութեանս գործիքը վրաս ձգելով սակայն պատուիրելով որ այլեւս չյանդգնիմ նկարել:

Բժիշկը հայ մըն էր: Հիւանդապահը՝ թուրք մը, որ առանց այլ եւ այլի... ռուսերէնով կը դիմէր մեզի:

Հիւանդանոցին կազմածները հին էին, ճերմակութիւնները՝ աւելի քան տարակուսելի: Արիւնը առած ատեն ենթակային թեւը ոչ թէ գօտիով մը կը կապուէր, այլ՝ ձգախէժէ ձեռնոցով մը:

Վերջապէս քննութեան արդիւնքը պատրաստ է: Օձիքնիս թոթուելով կը մեկնինք:


Published at 21:42 ( 0 comments / 107 visits )
This post is public

September 12, 2009

Պոլսոյ պալատները

Այցելած եմ չորսը. Տոլմապահճէ, Եըլտըզ, Պէյլէրպէյի եւ Թոփգափը:

Առաջին երեքը Պալեանները շինած են՝ Կարապետը եւ Սարգիսը:

Ուշագրաւ է, որ Աթաթիւրք որ երկիրը նորոգելու եւ սուլթանական ժառանգութենէն մաքրելու ելեր էր՝ չէր պժգար կենալու սուլթանական պալատներուն մէջ:

Շքեղութիւնը կը սիրէր, թէեւ իր բնակած սենեակներուն խստամբեր բան մը կայ. ցից, շիտակ, տժգոյն:

Published at 10:28 ( 0 comments / 86 visits )
This post is public

September 11, 2009

Գերեզմանատան պահակը կ'ըսէ

Արդէն իսկ իմ զրուցակիցներս մեծաւ մասամբ գերեզմանատան պահակ են ու ժամկոչ:

Պաղլարպաշըի հայոց գերեզմանատան կառավարիչին քանի մը հարցում ուղղեցի պոլսահայ կեանքի մասին:

Խոստովանեցաւ, որ հայերէնը չքացած է պոլսահայու առօրեայէն: Կամ գրեթէ չքացած:

Հապա Յոյները, ըսի:

Յոյները տարբեր են, պատասխանեց: Շատ ազգայնամոլ են:

Ազգայնամոլ չեն, այլ ազգասէր, կը փորձեմ առարկել:

Յունաստանը անոնց կռնակն է, ճարահատ կը փաստաբանէ դիմացինս:

Ինչ ալ ըլլայ Յոյնը՝ մենք Յոյն չենք:

Հապա Ասորինե՞րը, կը յիշեմ յանկարծ: Անոնք չեն վախնար իրենց լեզուն խօսելու:

Ասորիները Հարաւէն կու գան, ուր արաբախօս աւելի շատ կայ, քան թուրք, կը պատասխանէ պահակը: Հոն կրնաս ընել Պոլսոյ մէջ ձեռքէդ չգալիքը:







Published at 22:00 ( 0 comments / 71 visits )
This post is public

September 9, 2009

Պոլսոյ Հեղեղը

Այսօր տեղ մը այցելեցի, ուր հեռատեսիլը լուրերը կը հաղորդէր կիսաձայն : Սոսկալի հեղեղ մը ողողած է Պոլիսը՝ մեր մեկնումէն հազիւ շաբաթ մը ետք:



Published at 16:36 ( 1 comment / 78 visits )
This post is public

July 24, 2009

Շիրվանզադէ կը գրէ

Ռուսահայերը մի քիչ թիւր գաղափար ունին Կ. Պոլսի հայութեան մասին: Տարիների ընթացքում Թիֆլիսի գրողները, սկսած դիւրաբորբոք Գրիգոր Արծրունու «Մշակ»-ից, իրանց ականջներն ընտելացրել են «հոսհոս» ածականին: Իմաստակներն այսօր էլ երբեմն կրկնում են այդ բառն առանց խղճի խայթի:

Եթե «հոսհոս» նշանակում է թեթևամիտ, հապա ես ի սէր ազգիս կը փափագէի Թիֆլիսի և Բաքուի հայութիւնը տեսնել այնքան թեթևամիտ, որքան Կ. Պոլսի հայութիւնը: Արդեօ՞ք պոլսահայը հոսհոս է այն պատճառով, որ իր մայրենի լեզուն խօսում է այնքան մաքուր, այնքան գեղեցիկ, գիտենալով միաժամանակ մէկից աւելի եւրոպական լեզուներ: Իսկ ռուսահայը խելամիտ է և ծանրաբարոյ է, որովհետև չգիանալով իր մայրենի լեզուն, չգիտէ յաճախ նաև ոչ մի օտար լեզու կանոնաւոր:

Published at 19:44 ( 0 comments / 233 visits )
This post is public

July 19, 2009

ՄԵՐ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Այցելեցէք ՊիՊիՍիի համաշխարհային սպասարկութեան էջակայքը: Ինչ ըսես լեզու կայ: Ազերիերէնը կայ: Հայերէնը չկայ: Մենք ի՞նչ ենք, որ Անգլիան մեզի խօսի:

bbc
bbc

Կիլիկիա.քոմ էջակայքը բաւական նիհարցած է եւ փետրաթափ եղած: Հայկական զանազան յղումներու քովիկը նաեւ պարտադրուածները կան, օրինակ. սորվեցէք թրքերէնը: Պարտադրուած ազդին բնոյթը կայքին տէրը կը թելադրէ վարձակալին, սակայն վարձակալը կրնայ ընդդիմանալ:

cilicia
cilicia


Եւ ինչո՞ւ յանկարծ Կուկլը թրքերէնի գովազդը առաջարկած է մեր կատաղի հայրենասէրներուն:



Published at 19:01 ( 0 comments / 118 visits )
This post is public

July 18, 2009

ՆԱՀԱՆՋ՝ ՏԱՂՏՈՒԿԻՆ ԱՌՋԵՒԷՆ

Երեւանի սփիւռքի նախարարութիւնը երիցս բաղձալի կոչ մը կ'ուղղէ մեզի (կամ ալ՝ ինքնիրեն). պահպանե՜նք արեւմտահայերէնը:


Երանի՜ ցնծայի ի լուր այդ կոչին: Երանի՜ չգիտնայի խորհրդային եւ յետխորհրդային նմանօրինակ կոչերուն արժէքը: Հնդկական մանթրաներ են պարզապէս. ուրիշ ոչինչ:


Ո՞վ պահպանէ արեւմտահայերէնը: Տեղւոյս միօրեայ վարժարա՞նը: Առաջնորդ սրբազա՞նը: Կուսակցութի՞ւնը: Ե՞ս: Դո՞ւք: Մօրաքոյրս որ ատենը մէյ մը Պոլիսէն կու գայ եւ իր ներկայութեամբ մթնոլորտ կը ստեղծէ: Ձե՞ր մօրաքոյրը որու հիւր կ'երթաք Հալէպ...:


Եթէ զաւակս դաշնամուրի ղրկէի, միօրեայ վարժարան մը պիտի բաւէ՞ր զինք երաժիշտ դարձնելու ապագային՝ առանց ամենօրեայ անդուլ վարժութիւններու:


Կամ ալ կուսակցութիւնը ինչպէ՞ս պահէ հայերէնը, երբոր նիստերը տեղական լեզուով կը գումարէ.:


Եւ եթէ Միջին Արեւելքի բոլոր մօրաքները ճամբայ ելլեն դէպի մեր կողմերը. երաշխիք կա՞յ որ տասնհինգ-քսան տարի ետքն ալ անոնց ստեղծած մթնոլորտը կենդանի պահէ մեր լեզուն:


Մնացի մինակ. վարժարանը, առաջնորդ սրբազանը, կուսակցութիւնները, մօրաքոյրները մէջտեղը ձգեցին զիս: Մինա՜կս պէտք է պահեմ լեզուն:


Ըսեմ որ զաւակներուս հետ հայերէնէն բացի ուրիշ լեզու մը խօսած չունիմ: Նոյնիսկ օտար բարեկամներուն տունը այցելութեան ատեն՝ անքաղաքավար սեպուելու գնով:


Ինչ որ զաւակներուս ըսելիք ունիմ, հայերէնով կ'ըսեմ. դուռը գոցէ, ակռադ խոզանակէ, ինկած բարձդ անկողինին վրայ դիր, դգալդ այնպէս բռնէ ինչպէս սորվեցուցած եմ քեզի, ոտքդ աթոռին մի դներ, պիտի անձրեւէ այսօր, ասդին-անդին մի դառնար, ժամը ութն է արդէն, նայէ. պնակիդ շուրջ աւելի շատ բրինձ կայ քան մէջը:


Անհրաժեշտ առօրեայ բաներ են, որոնք օրը հազար անգամ կը հնչեն բոլոր յարկերուն տակ՝ աշխարհիս բոլոր լեզուներով:


Սակայն քիչ մը անդին հմայիչ աշխարհ մը կայ, ուր կը բնակին հերոսները եւ գեղեցկուհիները, բարի կենդանիները եւ չար վհուկները: Գոյնզգոյն, բաբախուն կեանք մը, զոր կը հիւսեն մանկական գիրքերը, խաղերը եւ հեռատեսիլը: Եւ այդ չքնաղ աշխարհը տեղական լեզուն կը խօսի:


Կրնամ անշուշտ հնդկական մանթրայի մը ձեւով զաւակներուս ըսել թէ անցեալ դարակիսուն տպուած հայ ընթերցարանին տժգոյն, անճարակ եւ անկենդան պատկերները աւելի գեղեցիկ են: Խօսքի՞ս պիտի հաւատան, թէ՞ իրենց աչքերուն:


Զո՞վ պիտի նախընտրեն իրբրեւ խաղընկեր. ծովահէնը, կարմիր հնդիկը, հին յոյնը, հռովմէացին կամ եգիպտացին, որոնք տեղական լեզուն կը խօսին, թէ՞ «ժրաջան Պետիկը» եւ «մաքրասէր Աշխէնիկը» որ թոռմած ծաղիկներու պէս չորցած-մնացած են ընթերցարանին էջերուն միջեւ:


Ծուռ նստինք՝ շիտակ խօսինք: Հայերէնը շատ տաղտկալի դեր մը ստանձնած է:


Ու չեմ զարմանար որ «կը նահանջէ լեզուն»: Հապա՛ չնահանջէր: Ես ըլլայի՝ պիտի փախչէի գլխապատառ:


Երանի՜ թէ «ժրաջան Պետիկը» իրիկուն մը մէջտեղ չելլէր ու ընթերցարանին մէջ ծալլուած մնար հանդարտիկ: Ի՜նչ կ'ըլլար որ «մաքրասէր Աշխէնիկն» ալ ակռան բացառաբար չխոզանակէր այսօր (մանաւանդ՝ եօթանասուն տարի ետք ակռա՞յ մնացած է բերանը):

Երանի՛ թէ գունաւոր պատկերայոլովակին* սկիւռիկը, նապաստակը կամ արջուկը անոնց տեղը առնէին եւ հայերէն խօսէին:


Գիտեմ որ կը ցնդաբանութիւն մըն է գաղափարս: Մեզի ուրկէ՞ այդչափ դրամ, որ պատկերայոլովակի մը հայերէն տարբերակը արտադրել տանք:


Չէ՞ որ անյետաձգելի նպատակներ կան օրակարգին վրայ, նշելի տարեդարձներ կան, վարչականներուն ժողովը կայ, գրուելիք ուղերձ-կոչ-բաց նամակ կայ, Միջինքի ճաշը կայ վերջապէս:


Հին ազգ ենք, չափահաս, խստադէմ: Իմաստուն ենք, խորշոմած, դեղնած, փխրուն, հնաոճ, մեր արմատներուն կառչած, ու համբերատա՜ր, համբերատա՜ր, համբերատա՜ր:


Մանկական բաներո՞վ զբաղինք:


Դուն ո՞վ ես որ մեզի խելք ծախես:


Published at 18:22 ( 0 comments / 85 visits )
This post is public

July 9, 2009

ՄՌԱՅԼ ԷՋԱԿԱՅՔ ՄԸ

Ամերիկայի բանտերուն մէջ փտող, կամ ալ ընդհակառակն՝ կեանքը վայելող մարդոց անունները պարունակող էջակայք մըն է:

Անուն-մականունը կը գրես, կոճակը կը կոխես. եւ խելացի մեքենան կը յայտնէ քեզի իսկոյն բանտարկեալ ճանչուորիդ ուր գտնուիլը:

www.bop.gov/iloc2/LocateInmate.jsp

Առանց երկար-բարակ մտածելու՝ Արմէն Յարութիւնեան գրեցի ու կոճակը կոխեցի: Ուռկանը ոչ մէկ ձուկ բերաւ:

Արմէնը Արթիւրի փոխեցի: Ինծի իսկոյն ըսուեցաւ, որ Արթիւր Յարութիւնեան մը բանտէն արձակուած է:

Ուստի կը խմեմ բանտերու մէջ պառկող, ինչպէս նաեւ բանտէն արձակուած եւ նոյնիսկ բնաւ չբռնուած բոլոր Արթիւր Յարութիւնեաններուն կենացը:







Published at 20:59 ( 1 comment / 125 visits )
This post is public

June 13, 2009

Տ.Տիրան Արք. Կիւրեղեան

Այո, ճիշդ այդպէս, այդ անունով եւ նուիրապետական կարգով ես կ'ուզեմ անգամ մը եւս երեւցնել այդ մարդուն անունը:

Տիրան Արքեպիսկոպոս Կիւրեղեան
Տիրան Արքեպիսկոպոս Կիւրեղեան

Բոլոր մահկանացուներուս պէս անկատար՝ այդ հոգեւորականը արժանի է յիշուելու իբրեւ հովիւ քաջ: Թող ոմանք օրինակ առնեն իրմէ:

Published at 14:56 ( 0 comments / 184 visits )
This post is public

May 20, 2009

ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՋՆՋՈՒԱԾ

Աւաղ, Նոր Յառաջին հիմնադրութիւնը ազդարարելու կոչուած՝ Մայիս 23ին տրուած ժամադրութիւնը ջնջուած է: Եւ յետաձգուած անորոշ թուականի մը:

Այսօր տիկին Միսաքեան հրաժեշտը կու տայ ընթերցողներուն եւ լրագրին փակման պատճառները կը թուէ:

Հազարէն պակաս է տպաքանակը: Ութ տարիէ ի վեր թերթը ինքնաբաւ չէ:

Լար մը սակայն հնչեց ողբերգօրէն. Շաւարշին երկրորդ մահն է այս փակումը:

Published at 18:02 ( 0 comments / 165 visits )
This post is public

May 17, 2009

Նոր Յառաջի ծնունդը

Յառաջը պիտի դադրի Մայիս ամսուն: Դարաշրջանի մը մայրամուտ է:

Շատ կը փափաքիմ որ Նոր Յառաջը բաղձալի իմաստով նոր ըլլայ, եւ բաղձալի իմաստով ալ՝ Յառաջ:

Տնտեսապէս դժուար պահուն կը ծնի նոր լրագիրը, սակայն առաջուան Յառաջն ալ ալեբախ տարիներէ անցած է ու չէ ընկղմած:

Տոկուն, նկարագրի տէր, կոտոշ ցցել գիտցող անձ մը պէտք է կառավարէ նոր լրագիրը:

Published at 20:39 ( 5 comments / 199 visits )
This post is public

April 12, 2009

Եւրոպական Ընտրարշաւը

Քանի որ նոր գերպետութիւն մը կը կերտենք, պէտք է որ ան խորհրդարան մը ունենայ, որպէս զի օրէնքներ կեանքի կոչէ եւ ստորադաս պետութեանց ճամբան ցուցնէ:

Քանի մը օր առաջ քուէարկելու հրաւէրը ստացայ՝ եւրոպացի քուէարկողիս տոմսակը ապսպրելու:

Մինչեւ հիմա չեմ գիտեր, թէ ո՞վ է թեկնածուն եւ ի՞նչ է ծրագիրը: Անճանաչելի յապաւումները կը վխտան. ո՞վ է արդեօք ամէն մէկուն ետին:

Կարծեմ համարկման հակառակորդներուն քուէս պիտի տամ: Պէտք է ներսէն քակել այդ հրէշ կառոյցը:

Published at 10:02 ( 0 comments / 209 visits )
This post is public

February 20, 2009

Ֆրանքֆուրթ

Առջի օրը Ֆրանքֆուրթ էի գործով: Նիստերէն ետք կ'իջնեմ Մայնի գետափը՝ զմայլելու երկնաքերներով եւ ռումբերուն խնայած նախապատերազմեան շէնքերով:

Մարդ-մարդասանկ չկայ քաղաքը: Պաս-պարապ փողոցներուն մէջ հազիւ մէկ երկու հոգի կը տեսնես հեռուները: Պէտք է ընկերութեան գրասենեակը դառնամ. մէկը չկայ շուրջս որ ճամբաս հարցնեմ:

Վերջապէս մարդաշատ փողոց մը կ'ելլեմ: Օտարներու թաղ մըն է, ուր հանրատուն, տարաշխարհիկ նպարեղէնի խանութ եւ ճաշարան զիրար կը հրմշտկեն:

Հոն մէկը ինծի ճամբան կը ցուցնէ: Քիչ մը անդին կը քալեմ երբ ականջիս... հայերէն խօսքը կը հասնի: Կ'ուզեմ վստահ ըլլալ որ պատրանք մը չէ, ինչպէս արդէն պատահած է:

Քովերնին կը քալեմ: Զիս կը նշմարեն ու կը դառնան: Կը ծանօթանան: Լիբանանահայ գործի մարդիկ են. խելացի ու համակրելի: Կէս ժամ կրցանք նստ իլ ու խօսակցիլ:

Published at 18:17 ( 0 comments / 394 visits )
This post is public


← previous 1 2 3 next →

( 50 posts )

rss Latest posts - Subscribe to the latest posts of NAVAVAR ՆԱՒԱՎԱՐ

 

Català | Čeština nové | 中文 | Deutsch | English | Español | Esperanto | Ελληνικά | Français | Galego | Italiano | Nederlands | Português | More...