Արեւմուտքի ձախը կոկորդը կը պատռէ ոռնալով անձնականին դէմ կատարուող ոտնձգութեանց մասին:
Մեծ եղբայրը կը հսկէ մեզ, մեզ կը լուսանկարեն, կ'ունկնդրեն գաղտնաբար, մեր թղթակցութիւնները կը ժողվուին շտեմարաններուն մէջ եւլն:
Եթէ նոյնիսկ մէկը կը լուսանկարէ զիս կամ կը կարդայ անձնական թղթակցութիւններս. ինծի ինչ: Հո՞գս է:
Ընդհակառակն. ինքս է որ չեմ ուզեր ուրիշին անձնականին միջամուխ ըլլալ: Այս առտու շոգեկառքով Միւնիխ կ'երթայի: Օրիորդ մը նստած էր քիչ անդին: Կը խօսէր դիմացը նստած քառասնամեայ պարոնին հետ: Մարդը կեանքի եւ կրթութեան վերաբերեալ մեծադղորդ խրատներ կը կարդար:
Դատումներ կը յայտնէր սորվելիք լեզուներու մասին: Անգլերէնը, կ'ըսէր, ամէն շուն գիտէ: Ֆրանսերէնին առոգանութիւնը դժուար է: Սպաներէնը ահա դիւրին է: Իտալերէնն ալ: Մանաւանդ որ երաժշտութիւն կը սորվիս՝ իտալերէնը օգտակար է:
Բարձրաձայն, անընդհատ, անթիւ-անհամար կրկնութիւններով:
Մտիկ ըրինք ակամայ:
Փորձութիւնը ունեցայ պոռալու.
-- Անգլերէն-մանգլերէն կշռելէդ առաջ մէյ մը կէս բերան գրական գերմաներէն սորվէ, գեղջուկ: