June 2008
  Sun Mon Tue Wed Thu Fri Sat  
  1 2 3 4 5 6 7  
  8 9 10 11 12 13 14  
  15 16 17 18 19 20 21  
  22 23 24 25 26 27 28  
  29 30            

Archives

November 2008 (2)
September 2008 (1)
August 2008 (7)
July 2008 (9)
June 2008 (7)
May 2008 (2)
March 2008 (1)
February 2008 (2)

June 17, 2008

Ազգային Գանձ

Կարկառուն գերման նուագավար մը Լեհաստանի մէջ հիւրախաղերուն ատեն բարեկամէ մը նուէր կը ստանայ հնատիպ մանկական գիրք մը:

Օդակայանի մէջ մեկնած պահուն այդ գիրքը վար կը դրուի, եւ մաքսատունը կ'արգիլէ արուեստագէտին ելքը երկրէն: Հետաքննութիւնը երկու օր կը տեւէ, եւ խնդրոյ առարկան է Լեհաստանի ազգային արժէքներուն ապօրինի արտածումը:

Նախ եւ առաջ հարցում կը ծագի. ցորչա՞փ ջնջուած են մաքսային ձեւակերպութիւնները Եւրոպական միւթեան հիմնադիր եւ նորամուտ երկիրներու միջեւ:

Արուեստագէտը կը վերագրէ պաշտօնեաներուն նախանձախնդրութիւնը ոտնագնդակի յարուցած քէնին:

Ուշագրաւ հանգամանք մը եւս. խնդրոյ առարկայ Լեհաստանի ազգային հարստութիւն եղող հնատիպ գիրքը... ռուսերէն է:

© Published at 09:40 / 0 comments / 53 visits
This post is public

June 17, 2008

Սալման Ռուշտի Salman Rushdie

Եթէ բնակած չըլլայի երկրի մը մէջ, ուր հասարակ համացանցաւորը պատասխանատու է ոչ միայն իր գրածին եւ հրատարակածին, այլեւ յղումներուն համար ալ,  պիտի չվարանէի յանձնարարել...:

Ահա յղումը

tkihi.narod.ru/frame.htm

English, Polska, Español Русский

© Published at 10:11 / 0 comments / 73 visits
This post is public

June 17, 2008

Օգտակար խրատ մը

Հայ ցանցախօս մը կը յորդորէ չապաւինիլ արեւմտեան օգնութեան՝ հայկական քաղաքական կեանքին մէջ:

Կը պնդէ որ Ընքըլ Սէմը: Շորոշ հիմնարկը եւ Թագուհին ճիշդ նուիրատուները չեն երբ ազատութեան համար կը պայքարիս:

Մեր կողմէն աւելցնենք, որ ազատութեան միակ հասցէն Մոսկուան է:

© Published at 14:52 / 0 comments / 77 visits
This post is public

June 21, 2008

Հրէական մատը եւ հայու գլուխը

Համացանցը հեղեղուած է եւ մամուլին մէջ կը յորդի. Լեւոն Տէր Պետրոսեանը հրեայ մըն է, հրէական կազմակերպութեանց հրահանգով կը բանի ու ազատ որմնադիրներուն նպատակները կը հետապնդէ:

Թող ոչ թէ ԼՏՊի կինը, այլ ի՛նք նախկին նախագահը հրեայ ըլլար: Հրեայ ըլլալը կամ չըլլալը երկիրը կողոպտելու եւ քարուքանդ ընելու հետ ինչ կապ ունի:

Քոչարեան հրեայ չըլլալով /ով գիտէ թէեւ, թերեւս հիմա մէկը մէջտեղ հանէ փաստերը/ պակա՞ս կողոպտած-ծախած-քանդած է:

Մելգոնեանը Հրեաներու ձեռքով փակուած է: Շէնքին պէտք ունին եղեր: Իրենց սինակոկը պիտի բանան հոն:

Մուրատ-Ռափայէլեանը նոյնպէս փակուեր է հրեաներուն ջանքերով: Տասնեակ մը վերջին աշակերտները իրենց աչքին փուշն էին: Որպէս զի պարապ-սարապ չսլքտան Վենետիկի փողոցներուն մէջ, որոշած են փակել տալ դպրոցը:


Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ հրեայ չկայ կարծես թէ: Սակայն գաղութներուն մէջ անոնց նիւթած դաւերուն ամէն օր կը բաղխիս: Կը խոչընդոտեն հայ մանուկներուն մուտքը ազգային վարժարաններուն մէջ: Հայու ձեռքէն հայատառ լրագիրը կ'առնեն ու տեղը օտար թերթուկ մը կու տան:

Պոլսոյ պատրիարքը հրեայ մըն է: Ձեռնադրել տուած են որպէս զի մեր պայքարը կասեցնէ եւ մեր կալուածները կառավարութեան ձեռքը ձգէ:

Մեր կուսակցապետները հրեայ են: Բացէ ի բաց յայտնի չեն ըներ, սակայն երբ առանձին մնան՝ հայ մանուկ մը կը մորթեն ու կ'ուտեն:

Մեր մամուլն ալ հրեաներուն ձեռքն է: Անոնք են որ հոգ կը տանին որ կարդալիք չգտնուի մեր լրագիրներուն մէջ:

Հրեաներ կան, որ հակասեմական կը ձեւանան: Սակայն գաղտնաբար կը գործեն իրենց շահուն համար:

 

© Published at 12:09 / 0 comments / 62 visits
This post is public

June 21, 2008

Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը Իրանի մէջ

 
  

 

Իրանի մէջ կը շարունակուի հալածանքը քրիստոնեաներու դէմ:

Թիրախը իսլամէն Քրիստոսի դարձածներն են: Շիրազի մէջ ոստիկանութիւնը պաշարած է նորահաւատ քրիստոնեայի մը տունը եւ գրաւած գիրքեր, ձայնասալ եւ համակարգիչ: Պարագաները չեն կրնար այցելել բանտարկեալը:

 

Իրաւապաշտպան կազմակերպութեանց տուեալներով, Իրանի այլ մէկ քաղաքին մէջ ձերբակալուած է յղի կին մը:

 

Ուշագրաւ է, որ աշխարհիս երեսին ԱՄՆէն բացի ուրիշ պետութիւն չկայ որ պաշտպանէր հալածուած քրիստոնեաներուն դատը:

© Published at 20:24 / 0 comments / 81 visits
This post is public

June 23, 2008

Մուրճ ու մանգաղը արգիլուած

news.bbc.co.uk/2/hi/europe/7459976.stm

Լիթուանիոյ խորհրդարանը ապօրինի հռչակած է նախկին խորհրդային խորհրդանիշներու հրապարակաւ գործածելը եւ ցուցադրելը՝ հաւասարեցնելով զանոնք ազգային-ընկերվարական Գերմանիոյ խորհրդանիշներուն:

Ազգեր կան, որոնք բնական ձգտում մը ունին առողջ եւ մաքուր ապրելու:

Հայերս անոնց թիւին չենք պատկանիր:

 

© Published at 15:04 / 0 comments / 118 visits
This post is public

June 30, 2008

Politically Correct

I question whether you ought to refer to an ethnic minority as 'them'.

(Inspector Wexford to his wife)

Ruth Rendell

© Published at 07:05 / 2 comments / 117 visits
This post is public

( 7 posts )