NAVAVAR <->ՆԱՒԱՎԱՐ Published on July 2nd, 2008
by NAVAVAR <->ՆԱՒԱՎԱՐ

More information

This post is public
© All rights reserved
  1. 74 visits

Յետմահու անցած-դարձածներ

Wednesday July 2nd, 2008 at 08:06PM

Եւրոպացին Ամերիկայի սեղանին աւելցուքները կը լափէ ախորժակով: Փոխանակ արժանի սեղանակիցը դառնալու:

Այս իրիկուն հեռատեսիլէն նոր շարժապատկեր մը կը դարձնեն: Հայրը եւ որդին կը խօսակցին ձայնասփիւռի գործիքներու միջոցաւ: Երկուքը տարբեր ժամանակներու մէջ կ'ապրին: Որդին արդէն մեծցածը եւ կեանքին մէջ կատարուելիքներուն արդէն տեղեակ է: Կը յայտնէ ամէն բան հօրը, որ զարմանքով մտիկ կ'ընէ:

Քանիերո՞րդն է արդէն այդ տեսակին մէջ: Եւ մինչեւ երբ պիտի այդ նիւթը կարկտուի եւ մեզի հրամցուի:

Մարդիկ պէտք ունին տեսնելու, որ մահէն ետք սովորական իրենց կեանքին պէս կեանք մը կը շարունակուի: Որ մեռնելով՝ պիտի չգիտնան ալ որ մեռած են: 

Add your comment

Reply to this comment

Edit your comment

Please sign in to post a comment Sign in now?


rss Latest comments – Subscribe to the feed of this post comments.