Մոնթրէալէն նոյն կերկեր ձայնը կը հասնի. անձանձիր Հայկ Նագգաշեանը նոր առիթ մը գտեր է զայրանալու:
Երեւան այցելած է վերջերս եւ տեսած է ինչ որ ամէն մարդ կը տեսնէ հոն. խրճիթին քովիկը պալատ, մուրացիկին քովը մեծատուն՝ անթաքոյց շնականութեամբ ու դաժանութեամբ:
Կարէն Դէմիրճեանը եւ Վազգէն Սարգսեանը կ'ողբայ եւ անոնց մահը Քոչարեանի եւ Սարգսեան Սերժին դաւերուն կը վերագրէ: Կարծես թէ հանգուցեալներուն օրօք ընկերային անարդարութիւնը պակաս էր:
Մեղադրանքը սակայն մեղադրողին ուղղելու է: Եօթանասուն տարի ժողովուրդը կը լլկուէր տնտեսապէս ու բարոյապէս՝ տարադէմ դէմիրճեաններու ձեռքին տակ: Քու պատկանածդ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը «հայրենի իշխանութեանց» կողքին էր: Ըսել է համամի՞տ էիր ժողովուրդը լլկելուն ու փճացնելուն:
Հիմա ալ, երբ պտուղները քաղելու ժամանակը հասած է, մէկէն ի մէկ մեղսակիցը կը դառնայ մեղադրող եւ վճարելիք հաշիւները կը ներկայացնէ:
Քոչարեան-Մոչարեան, տեսակ-տեսակ Սարգսեանները եւ Դէմիրճեանը նոյն սանդին ալիւրն են ամէնքն ալ՝ ռուսական կայսրութեան հայանուն մանկլաւիկներէն:
Ընկերայն անարդարութեան դէմ պէտք է տասնամեակներ առաջ ընդվզէիր՝ ծափ զարնելու փոխարէն: Հիմա է որ կրնաս ծափ զարնել՝ ի տես քու մեղսակցութեանդ պտուղներուն:
Send a message
Search for members