Փորհարութիւնը հաճելի բան մը չէ: Մանաւանդ երբ քանի մը օրէ ի վեր կը տեւէ ու չի կասիր:
Ընտանեօք կը հասնինք մեր ազգային հիւանդանոցը: Մուտքին հազիւ հասած՝ համազգեստաւոր պահակները կը նշմարեմ ու դարպաս մը, որ մետաղ կը գտնէ անձին վրայ:
Ունեցած-չունեցածը կը յանձնենք պահակներուն ու կ'անցնինք դարպասին մէջէն: Արձանագրութիւնը պահ մը կը տեւէ: Հարիւր լիրա կու տանք անուննիս արձանագրելու համար: Մեզի կը հրահանգուի սպասել:
Հիւանդները մեծաւ մասամբ թուրք են: Շատ են տարեց բարեպաշտները, որոնք ծոմապահութենէն նուաղած՝ հոս բերուեր են:
Կը փափաքիմ հիւանդանոցին մուտքը լուսանկարել:
Հոս է որ փոթորիկը կը փրթի:
Հազիւ մատս դրեր էի կոճակին՝ տեսակ-տեսակ պաշտօնեաները եւ պահակ-մահակ գլուխս կը թափին: Ամէնքն ալ թուրք: Ձեռքերը փարտելով կը պոռան թէ լուսանկարելը արգիլուած է: Մինչդեռ շքամուտքին հայերէն ցուցանակը կը փափաքէի լուսանկարել:
Կը պահանջեն որ լուսանկարի գործիքս ի պահ դնեմ անոնց: Կը յօժարիմ պայմանաւ որ ընկալագիր մը տրուի ինծի առ այն: Կը շուարին: Եւ ի վերջոյ կ'ապաւինին բարեխղճութեանս գործիքը վրաս ձգելով սակայն պատուիրելով որ այլեւս չյանդգնիմ նկարել:
Բժիշկը հայ մըն էր: Հիւանդապահը՝ թուրք մը, որ առանց այլ եւ այլի... ռուսերէնով կը դիմէր մեզի:
Հիւանդանոցին կազմածները հին էին, ճերմակութիւնները՝ աւելի քան տարակուսելի: Արիւնը առած ատեն ենթակային թեւը ոչ թէ գօտիով մը կը կապուէր, այլ՝ ձգախէժէ ձեռնոցով մը:
Վերջապէս քննութեան արդիւնքը պատրաստ է: Օձիքնիս թոթուելով կը մեկնինք:
Send a message
Search for members