Երեւանի սփիւռքի նախարարութիւնը երիցս բաղձալի կոչ մը կ'ուղղէ մեզի (կամ ալ՝ ինքնիրեն). պահպանե՜նք արեւմտահայերէնը:
Երանի՜ ցնծայի ի լուր այդ կոչին: Երանի՜ չգիտնայի խորհրդային եւ յետխորհրդային նմանօրինակ կոչերուն արժէքը: Հնդկական մանթրաներ են պարզապէս. ուրիշ ոչինչ:
Ո՞վ պահպանէ արեւմտահայերէնը: Տեղւոյս միօրեայ վարժարա՞նը: Առաջնորդ սրբազա՞նը: Կուսակցութի՞ւնը: Ե՞ս: Դո՞ւք: Մօրաքոյրս որ ատենը մէյ մը Պոլիսէն կու գայ եւ իր ներկայութեամբ մթնոլորտ կը ստեղծէ: Ձե՞ր մօրաքոյրը որու հիւր կ'երթաք Հալէպ...:
Եթէ զաւակս դաշնամուրի ղրկէի, միօրեայ վարժարան մը պիտի բաւէ՞ր զինք երաժիշտ դարձնելու ապագային՝ առանց ամենօրեայ անդուլ վարժութիւններու:
Կամ ալ կուսակցութիւնը ինչպէ՞ս պահէ հայերէնը, երբոր նիստերը տեղական լեզուով կը գումարէ.:
Եւ եթէ Միջին Արեւելքի բոլոր մօրաքները ճամբայ ելլեն դէպի մեր կողմերը. երաշխիք կա՞յ որ տասնհինգ-քսան տարի ետքն ալ անոնց ստեղծած մթնոլորտը կենդանի պահէ մեր լեզուն:
Մնացի մինակ. վարժարանը, առաջնորդ սրբազանը, կուսակցութիւնները, մօրաքոյրները մէջտեղը ձգեցին զիս: Մինա՜կս պէտք է պահեմ լեզուն:
Ըսեմ որ զաւակներուս հետ հայերէնէն բացի ուրիշ լեզու մը խօսած չունիմ: Նոյնիսկ օտար բարեկամներուն տունը այցելութեան ատեն՝ անքաղաքավար սեպուելու գնով:
Ինչ որ զաւակներուս ըսելիք ունիմ, հայերէնով կ'ըսեմ. դուռը գոցէ, ակռադ խոզանակէ, ինկած բարձդ անկողինին վրայ դիր, դգալդ այնպէս բռնէ ինչպէս սորվեցուցած եմ քեզի, ոտքդ աթոռին մի դներ, պիտի անձրեւէ այսօր, ասդին-անդին մի դառնար, ժամը ութն է արդէն, նայէ. պնակիդ շուրջ աւելի շատ բրինձ կայ քան մէջը:
Անհրաժեշտ առօրեայ բաներ են, որոնք օրը հազար անգամ կը հնչեն բոլոր յարկերուն տակ՝ աշխարհիս բոլոր լեզուներով:
Սակայն քիչ մը անդին հմայիչ աշխարհ մը կայ, ուր կը բնակին հերոսները եւ գեղեցկուհիները, բարի կենդանիները եւ չար վհուկները: Գոյնզգոյն, բաբախուն կեանք մը, զոր կը հիւսեն մանկական գիրքերը, խաղերը եւ հեռատեսիլը: Եւ այդ չքնաղ աշխարհը տեղական լեզուն կը խօսի:
Կրնամ անշուշտ հնդկական մանթրայի մը ձեւով զաւակներուս ըսել թէ անցեալ դարակիսուն տպուած հայ ընթերցարանին տժգոյն, անճարակ եւ անկենդան պատկերները աւելի գեղեցիկ են: Խօսքի՞ս պիտի հաւատան, թէ՞ իրենց աչքերուն:
Զո՞վ պիտի նախընտրեն իրբրեւ խաղընկեր. ծովահէնը, կարմիր հնդիկը, հին յոյնը, հռովմէացին կամ եգիպտացին, որոնք տեղական լեզուն կը խօսին, թէ՞ «ժրաջան Պետիկը» եւ «մաքրասէր Աշխէնիկը» որ թոռմած ծաղիկներու պէս չորցած-մնացած են ընթերցարանին էջերուն միջեւ:
Ծուռ նստինք՝ շիտակ խօսինք: Հայերէնը շատ տաղտկալի դեր մը ստանձնած է:
Ու չեմ զարմանար որ «կը նահանջէ լեզուն»: Հապա՛ չնահանջէր: Ես ըլլայի՝ պիտի փախչէի գլխապատառ:
Երանի՜ թէ «ժրաջան Պետիկը» իրիկուն մը մէջտեղ չելլէր ու ընթերցարանին մէջ ծալլուած մնար հանդարտիկ: Ի՜նչ կ'ըլլար որ «մաքրասէր Աշխէնիկն» ալ ակռան բացառաբար չխոզանակէր այսօր (մանաւանդ՝ եօթանասուն տարի ետք ակռա՞յ մնացած է բերանը):
Երանի՛ թէ գունաւոր պատկերայոլովակին* սկիւռիկը, նապաստակը կամ արջուկը անոնց տեղը առնէին եւ հայերէն խօսէին:
Գիտեմ որ կը ցնդաբանութիւն մըն է գաղափարս: Մեզի ուրկէ՞ այդչափ դրամ, որ պատկերայոլովակի մը հայերէն տարբերակը արտադրել տանք:
Չէ՞ որ անյետաձգելի նպատակներ կան օրակարգին վրայ, նշելի տարեդարձներ կան, վարչականներուն ժողովը կայ, գրուելիք ուղերձ-կոչ-բաց նամակ կայ, Միջինքի ճաշը կայ վերջապէս:
Հին ազգ ենք, չափահաս, խստադէմ: Իմաստուն ենք, խորշոմած, դեղնած, փխրուն, հնաոճ, մեր արմատներուն կառչած, ու համբերատա՜ր, համբերատա՜ր, համբերատա՜ր:
Մանկական բաներո՞վ զբաղինք:
Դուն ո՞վ ես որ մեզի խելք ծախես: